Search
Close this search box.

Մեթիու Միլըր. «Մենք մեր կարելին կ՚ընենք կողմերը մերձեցնելու համար, բայց ի վերջոյ անոնք է, որ պէտք է համաձայնութեան յանգին»

 

ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Մեթիու Միլըր Սեպտեմբեր 28-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարը ուղղակի բանակցութիւններ վարած է Ազերպայճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին հետ, շարք մը ամերիկացի պաշտօնատարներ այցելած են տարածաշրջան ո՛չ միայն վերջին շաբթուան կամ 10 օրերու ընթացքին, երբ սկսած են ռազմական գործողութիւնները, այլ նաեւ քանի մը ամիս առաջ։

“Մենք ամէն ինչ ըրինք դիւանագիտական լուծում գտնելու համար, բայց ի վերջոյ պէտք չէ մոռնալ, որ հոն կան երկու կողմեր, որոնք խոր տարակարծութիւններ ունին։ Մենք կրնանք ամէն ինչ ընել զանոնք մերձեցնելու համար, բայց, ի վերջոյ, անոնք պէտք է համաձայնին խօսելու իրարու հետ եւ յանգին որեւէ կարգաւորման: Մենք կը շարունակենք կատարել մեր դերը այս հոլովոյթին աջակցելով”,– ըսած է ան։