Search
Close this search box.

Մեծանուն գեղանկարիչ Մինաս Աւետիսեանի 95-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս՝ Գիւմրիի մէջ

Դեկտեմբեր 16-ին, Գիւմրիի մէջ կատարուած է գեղանկարիչ Մինաս Աւետիսեանի 95-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը։ Հայաստանի ազգային պատկերասրահէն Գիւմրիի համայնքային ցուցասրահ փոխադրուած են անոր 28 կտաւները։

«Այս ցուցահանդէսը բացառիկներէն է: 45 տարի ետք Գիւմրիի մէջ ցուցադրութեան ներկայացուած են Մինաս Աւետիսեանի գործերը»,– յայտնած է քաղաքի համայնքապետարանի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժնի պետ Լիլիթ Թովմասեան՝ գիւմրեցիները հրաւիրելով ցուցադրութեան։

Բացման արարողութեան ներկայ եղած է 60-ականներու հայկական կերպարուեստի խորհրդանիշ համարուող նկարիչին զաւակը՝ Արման Աւետիսեան։

Ջաջուռցի արուեստագէտի գործերուն մեծ մասը վնասուած էր 88-ի երկրաշարժին եւ կը մնար անխնամ վիճակի մէջ։ Իտալացի մասնագէտներու օգնութեամբ կարելի եղած է զանոնք փրկել ու վերականգնել։ Անոնցմէ հսկայական կտաւ մը այսօր կը գտնուի «Զուարթնոց» օդակայանը, երկուքը՝ կառավարութեան շէնքին մէջ, միւսները կը գտնուին այլ վայրեր։