Լրագրողներու պաշտպանութեան կազմակերպութեան տուեալներով՝ Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութեան հետեւանքով ցարդ զոհ գացած են 22 լրագրողներ, իսկ երկու կողմերու զոհերուն թիւը չորս հազարէն աւելի է։
Կազմակերպութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ, որ յատկապէս վտանգի ենթակայ են Կազայի հատուածին մէջ գտնուող լրագրողները։ Սպանուած 22 լրագրողներէն 18-ը Պաղեստինցիներ են, երեքը՝ Իսրայէլացի, մէկը՝ Լիբանանցի։ Բացի ատկէ, զանազան լրասփիւռներու 8 աշխատակիցներ վիրաւորուած են, երեք հոգի ալ կը համարուի անհետացած կամ բանտարկուած։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։