Search
Close this search box.

«Մեր գլխաւոր պահանջը հայրենիք վերադարձն է»

 

Բռնի տեղահանուած Արցախցիներու հանրահաւաքը՝ «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ

Մարտ 20-ին, Արցախէն բռնի տեղահանուած բազմաթիւ քաղաքացիներ մասնակցած են «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքին՝ իրենց  առաջարկներն ու պահանջները ներկայացնելու Հայաստանի կառավարութեան՝ պնդելով, թէ Պաքուի հետ բանակցութիւններու ընթացքին պէտք է քննարկուի նաեւ  իրենց հայրենիք վերադարձի հարցը։

Արցախի նախկին Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան իր ելոյթին շեշտած է, թէ իրենք պատրաստ են վերադառնալու Արցախ, պայմանով որ միջազգային երաշխիքներ ապահովուին։ “Իմ պատկերացումն այն է, որ պէտք է բացառել ուղղակի ադրբեջանական որեւէ տիրապետութիւն, որովհետեւ այդ տիրապետութիւնը ցեղասպանական տիրապետութիւն է։ Պէտք է լինեն միջազգային պաշտպանութեան բարձրագոյն գործիքակազմեր, միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներ, որպէսզի կարողանանք այնտեղ ինքնիշխան կեանք վարել”,– նշած է ան։

Իր կարգին, Արցախի մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան յայտարարած է, թէ Արցախի Ազգային ժողովը կեանքի կոչած է յանձնախումբ մը, որ տարբեր միջազգային դերակատարներու հետ պիտի քննարկէ այն պայմանները, որոնց ապահովման պարագային կ՚իրականանայ Արցախցիներու հայրենիք վերադարձի տեսլականը, որ սա պահուս մշուշոտ է։

Տեղահանուած Արցախցիներն ալ շեշտած են, թէ պատրաստ են վերադառնալու, սակայն, միջազգային խաղաղապահներու ներկայութեամբ։

Հանրահաւաքին արծարծուած են նաեւ  ընկերային հարցեր։ Մասնակիցները անընդունելի համարած են տեղահանուած քաղաքացիները բնակարաններով ապահովելու կառավարութեան ծրագիրը, որ տակաւին մշակման փուլին կը գտնուի: Անոնք կը պահանջեն բնակարանային ծրագիրը իրականացնել առանց խտրականութեան ու պարտադրանքի` անկախ բռնի տեղահանուածներու քաղաքացիութենէն ու հաշուառումէն։ “Բացի ատկէ, ծրագրին մէջ պէտք է սահմանել առաջնահերթութիւններ եւ  լրացուցիչ արտօնութիւններ՝ զոհուածներու, անհետացածներու, հաշմանդամներու եւ  բազմազաւակ ընտանիքներուն համար”,– նշած են Արցախէն բռնի տեղահանուածները։