Search
Close this search box.

ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ – Հայկական տաղաւարը՝ «Համաշխարհային ճամբորդական շուկայ»-ի ցուցահանդէսին

Նոյեմբեր 6-ին, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան այցելած է Լոնտոնի Excel համալիրին մէջ կազմակերպուած «Համաշխարհային ճամբորդական շուկայ» (World Travel Market) տարեկան ցուցահանդէսի հայկական տաղաւարը: 

Հայաստանը ներկայացնող տաղաւարը ցուցահանդէսի այցելուներուն առիթ կու տայ ծանօթանալու հայկական զբօսաշրջութեան բնագաւառին։ Հայաստանի զբօսաշրջութեան կոմիտէն եւ Զբօսաշրջական պտոյտներ կազմակերպող ութ գործակալութիւններ ներկայացուցած են Հայաստանի ներուժն ու գրաւչութիւնը զբօսաշրջութեան հարթակին վրայ։