Search
Close this search box.

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – Քրիսթոֆըր Սմիթ. «Արցախի մէջ  բռնապետ Ալիեւ ցեղասպանութեան կ՚ենթարկէ 120 հազար բնակչութիւնը»

 

Սեպտեմբեր 6-ին, ԱՄՆ-ու Գոնկրէսի «Թոմ Լանթոս» Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովին մէջ Արցախին նուիրուած ունկնդրութիւններու ժամանակ, նոյն յանձնաժողովի համանախագահ Քրիսթոֆըր Սմիթ յայտարարած է. “Սա սարսափելի յանցագործութիւն է, ցեղասպանութիւն է` որ կ՚իրագործուի Ազերպայճանի իշխանութիւններուն, բռնապետ Ալիեւի կողմէ”։

Ան շեշտած է, թէ 120 հազար Հայեր կը տառապին Ազերպայճանի կառավարութեան վարած հայատեաց քաղաքականութեան պատճառով:

Սմիթ տեղեկացուցած է, թէ իրենք Արցախի մարդկային իրաւանց առըն-չութեամբ նոր օրինագիծ մը պատրաստելու ուղղութեամբ կ՚աշխատին:

“Ազերպայճան կ՚ուզէ Լեռնային Ղարաբաղը ընդգրկել իր կազմին մէջ եւ այդ նպատակին կը փորձէ հասնիլ ցեղասպանութեան միջոցով։ Այդ երկիրը չի փորձեր լուծումներ առաջարկել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար”,– նշած է Սմիթ՝ շեշտելով որ 2022 Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Ազերպայճան կտրած է Արցախի կապը արտաքին աշխարհին հետ՝ փորձելով ժողովուրդը մատնել սովամահութեան։ 

Ան յայտարարած է, թէ ԱՄՆ-ու կողմէ Ազերպայճանին որեւէ աջակցութիւն կը դիտուի իբրեւ յանցակցութիւն: