Search
Close this search box.

Միրզոյեան. «Ազերպայճան՝ խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ Հայաստանին նոր առաջարկներ ներկայացուցած է

 

Սեպտեմբեր 13-ին, Ազգային ժողովին մէջ Կառավարութեան հարցում-պատասխանի ընթացքին, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնած է, թէ ազերպայճանական կողմը արձագանգած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջև խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ հայկական կողմի առաջարկներուն՝ ներկայացնելով նոր առաջարկներ։

“Մեր վերջին շփումներէն ետք, հայկական կողմը Ազերպայճանին յանձնած էր երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան հաստատման պայմանագրին հինգերորդ մեկնաբանութիւնները։ Սեպտեմբեր 12-ին ստացանք ազերպայճանական կողմին նոր առաջարկները։

Գործընթաց կայ, քննարկում կայ։ Ի հարկէ, դէմ առ դէմ բանակցութիւններ այս ընթացքին չեղան։ Դժբախտաբար պէտք է ըսեմ, որ կան էական հարցեր, ուր կողմերու դիրքորոշումները տակաւին իրարմէ բաւական հեռու են”,– նշած է Միրզոյեան։