Search
Close this search box.

Մոսկուայի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը. «Փաշինեան կ՚ընթանայ Զելենսկիի հետքերով»

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը յղում ընելով բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը,– որու անունը չի տրուիր,– կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կ՚ընթանայ Ուքրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսկիի հետքերով։

“Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հոկտեմբեր 17-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը կը գնահատենք իբրեւ բացարձակ անպատասխանատու եւ գրգռիչ, յատկապէս այն բաժինը որ կը վերաբերի Ռուսաստանին եւ ռուս-հայկական յարաբերութիւններուն,– ըսած է պաշտօնատարը եւ շարունակած. «Կը տեսնենք, թէ ինչպէս կը փորձեն Հայաստանը վերածել թիւ 3 Ուքրաինայի, եթէ Մոլտովան համարենք թիւ 2 Ուքրաինա, իսկ Փաշինեան եօթը մղոննոց քայլերով կ՚ընթանայ Զելենսկիի ճանապարհով”,– նշած է ան։