Search
Close this search box.

Մուրատ Փափազեանի գիրքը՝  «Էրտողանի վարչակարգը սպառնալիք՝ Ֆրանսայի համար»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեանի գրիչէն, ֆրանսական ծանօթ Robert Laffont հրատարակչատունը իր Versilio շարքով՝ քանի մը օրէն հրապարակ պիտի հանէ « Le régime Erdogan : Une menace pour la France » («Էրտողանի վարչակարգը սպառնալիք՝ Ֆրանսայի համար») խորագրեալ հատորը։ 

Մուրատ Փափազեան հետեւեալ տողերով կը ներկայացնէ սոյն հրատարակութիւնը.-

«Այս գիրքը լոյս պիտի տեսնէ Սեպտեմբեր 8-ին, “Ռոպէր Լաֆոն”-ի կողմէ։ Հատորը այս առաւօտ հասաւ հրատարակչութիւն:

Խօլ ծրագիր մըն է, զոր ես մշակեր էի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ։ Ինքս ինծի ըսի, որ Էրտողանը դատապարտելու պայքարը պէտք է արագացնենք: Աշխատեցայ համառօտ տարբերակին վրայ եւ գացի տեսնելու խմբագիր մը, որ հրապուրուեցաւ ծրագրով: Այս գիրքը ամբաստանագիր մըն է Էրտողանի դէմ։ Կէտ առ կէտ ցոյց կու տամ, թէ ո՛վ է ան, ուրկէ՛ կու գայ եւ ու՛ր կ՚ուզէ երթալ։ Գիրքը կը հրատարակուի Ֆրանսայի առաջատար հրատարակչութեան կողմէ։ Հատորը յղուած է հանրութեան լայն խաւերու եւ կարելի է կարդալ 2 ժամէն ալ քիչ ժամանակի մէջ։ Նպատակը՝  “Էրտողանի պարագան” ղեկավարողներու մտահոգութիւններու օրակարգը մտցնելն է։ Ցոյց տալ որ՝ ան ճշմարիտ սպառնալիք մըն է Ֆրանսայի եւ Ֆրանսացիներու համար, բայց նաեւ՝ համայն աշխարհին համար։ Ցոյց կու տամ, որ Էրտողան կառուցեց հզօր Թուրքիա մը՝ նորօսմանեան նուաճումներու ռազմավարութեամբ։ Ցոյց կու տամ, որ ան իսլամացուց Թուրքիան՝ աւելի լաւ վերահսկելու համար անոր։ Ցոյց կու տամ, որ ան սաստկացուց ճնշումները փոքրամասնութիւններուն եւ իր հակառակորդներուն վրայ՝ Թուրքիայէն ներս, բայց նաեւ՝ անկէ դուրս։ Ցոյց կու տամ, որ ան ոտնահարեց մարդկային իրաւունքներն ու ժողովրդավարութիւնը։ Ցոյց կու տամ, որ ան կազմակերպեց իր սփիւռքը եւ իր ազդեցութեան ցանցերը աշխարհի մէջ՝ ներթափանցելու համար որոշ պետութիւններ, նախ եւ առաջ՝ Ֆրանսա: Կը դատապարտեմ արեւմտեան առաջնորդներու թուլութիւնը Էրտողանի հզօրութեան դիմաց եւ անոնց կոչ կ՚ընեմ արթննալու:

Եւ վերջաւորութեան կը ներկայացնեմ կարեւոր առաջարկ մը։

Ահաւասիկ, սիրելի՛ բարեկամներ, այս գիրքը ինծի համար բնականաբար շատ կարեւոր է, կրնաք երեւակայել: Սպասելի է Թուրքիոյ արձագանգը։ Կը յուսամ՝ առիթը պիտի ստեղծուի Ձեզի հետ հանդիպելու, Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն կազմակերպուելիք շնորհահանդէսներուն։

Ձեզ տեղեակ կը պահեմ մամլոյ հրապարակումներուն եւ արձագանգներուն մասին»։