Search
Close this search box.

«Յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն Ազերպայճանի՝ Հայաստան ներխուժման վտանգ կայ»

Լեմքին հիմնարկը ահազանգ կը հնչեցնէ

Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքին հիմնարկը կարմիր ազանշանով ահազանգ հնչեցուցած է, թէ յառաջիկայ օրերուն կամ շաբաթներուն Ազերպայճանի՝ Հայաստան ներխուժման վտանգի հաւանականութիւն կայ։

«Ազերպայճան շատոնց կը տենչայ իր հսկողութեան տակ առնել Հայաստանի հարաւային Սիւնիքի մարզը, որ ոչ հեռու անցեալին կը քննարկուէր իբրեւ վայր մը, ուրկէ պիտի անցնէր դէպի Նախիջեւան տանող ճամբան:

Նկատի առնելով տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին քաղաքական զարգացումները, այդ կարգին՝ 2023 Սեպտեմբեր 19-ին ազերպայճանական ուժերու Արցախ ներխուժումը եւ անոր յաջորդած Արցախի/Լեռնային Ղարաբաղի բռնազաւթումը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի մէջ տարածուած ցեղասպանական հայատեացութիւնը, մեծ վտանգ կայ, որ Ազերպայճանի ներխուժումը վերածուի ցեղասպանութեան:

Աշխարհին կը յիշեցնենք, որ ցեղասպանութիւնը միայն զանգուածային սպանութիւններու միջոցով չի դրսեւորուիր, ինչպէս եղաւ 2023 Սեպտեմբերին Արցախի/Լեռնային Ղարաբաղի վերջին բռնագրաւման ընթացքին: Ցեղասպանութիւնը կրնայ արտայայտուիլ նաեւ կոտորածի, վայրագութեան եւ բնիկ ժողովուրդի տարածքներէն բռնի տեղահանման միջոցով, երբ այդ գործողութիւններու հիմք հանդիսացող գաղափարախօսութիւնը ուղղուած է ինքնութեան ամբողջական կամ մասնակի ոչնչացման։ 

Թէեւ Ազերպայճանի պաշտօնատարները վերջերս իրենք զիրենք զուսպ կը պահեն Սիւնիքէն անցնող «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ծրագրի արծարծման առումով, բայց եւ այնպէս մտահոգուելու քանի մը պատճառ կայ: Արցախի հայկական տարածքին դէմ Ազերպայճանի յարձակումէն ետք, որ յանգեցաւ հայ խաղաղ բնակիչներու դաժան սպանութիւններու եւ գրեթէ ամբողջ ժողովուրդին բռնի տեղահանութեան, Ազերպայճան հրապարակայնօրէն իր հայեացքը ուղղած է դէպի Հայաստանի հարաւային Սիւնիքի մարզը, զոր ան իր սեփական տարածքը կը համարէ՝ զայն անուանելով “Արեւմտեան Ազերպայճան”», – նշուած է Լեմքին հիմնարկի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։