Search
Close this search box.

Նազելի Բաղդասարեան. «Փաշինեանի աշխատանքային օրակարգին վրայ Պաքու այց ծրագրուած չէ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ քարտուղար Նազելի Բաղդասարեան հերքած է ազերպայճանցի քաղաքագէտ Ահմետ Շաիրօղլուի գրառումը, թէ Հայաստանի վարչապետը Նոյեմբերին պիտի այցելէ Պաքու՝ մասնակցելու COP29 համաժողովին։

«Փորձագէտը արտայայտել է իր ենթակայական ընկալումը, որ վարչապետ Փաշինեանի աշխատանքային օրակարգին հետ ո՛չ մէկ կապ ունի: Վարչապետի աշխատանքային օրակարգին վրայ նման այց ծրագրուած չէ»,– «Արմէնփրէս»-ին յայտնած է տիկին Բաղդասարեան։