Search
Close this search box.

Նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն։ «Խաղաղութեան պայմանագիրը անհրաժեշտ է, բայց ան պէտք է համապատասխանէ միջազգային իրաւունքին»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն Le Point-ին տուած հարցազրոյցին անդրադարձած է նաեւ Արցախեան հարցին, Բերձորի միջանցքի արգելքին։

«Մեր դիւանագիտութիւնը յստակ է, բայց դիւանագիտութեան ժամանակը չէ։ Ես կը ցաւիմ եւ կը դատապարտեմ Լաչինի միջանցքին փակումը։ Մենք միշտ ըսած ենք, որ կողմ ենք ինքնիշխանութեան, բայց Լեռնային Ղարաբաղի հարցը բարդ է, ես չեմ կրնար անդրադառնալ այս նիւթին ամէնէն սուր կողմերուն։ Ֆրանսա յստակօրէն դատապարտեց 2020-ի պատերազմը եւ մարդասիրական քանի մը գործողութիւններ կազմակերպեց։ Այսօր մենք կ՚ընենք ամէն ինչ, որպէսզի Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ հաստատուի մնայուն խաղաղութիւն եւ պաշտպանուած ըլլան ժողովուրդներն ու մշակոյթները: Այս խաղաղութեան պայմանագիրը անհրաժեշտ է, բայց ան պէտք է համապատասխանէ միջազգային իրաւունքին»,– ըսած է նախագահը։

Հարցումին, թէ խաղաղութեան պայմանագիրը պէ՞տք է կնքուի՝ հակառակ միջազգային փորձագէտներու կողմէ նշուող ցեղասպանութեան վտանգին, նախագահ Մաքրոն պատասխանած է․ «Ես ձեռնպահ կը մնայի այս եզրը հապճեպ օգտագործելէ: Մենք ունինք մարդասիրական իրավիճակ, որ անընդունելի է յատկապէս Լաչինի միջանցքին առումով։ Ֆրանսայի դերը մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու հարցին մէջ ճնշում գործադրելն է, եւ մենք կը շարունակենք մեր բոլոր ջանքերը այդ ուղղութեամբ:

Մասնաւորապէս, մենք կը շարունակենք միջոցներու ձեռնարկել՝ ապահովելու համար սննդամթերքի եւ դեղորայքի առաքումը եւ Լեռնային Ղարաբաղ ազատ մուտքը։ Եւ բացի ատկէ, Հայաստանի սեփական սահմաններն ալ այսօր վտանգի ենթարկուած են»,– ըսած է ան։