Search
Close this search box.

Նախարար Գոլոնա Երեւանի մէջ յայտարարեց, թէ Ֆրանսա ռազմական սարքեր պիտի մատակարարէ Հայաստանին

Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի հարցերու եւ Արտաքին գործոց նախարարուհի Քաթրին Գոլոնա այս տարուան Ապրիլ 28-էն յետոյ Հոկտեմբեր 3-ին իր երկրորդ այցը կատարեց Հայաստան։ 

Ան հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, այնուհետեւ ալ իր պաշտօնակցին՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Տիկին Գոլոնա, վերջինիս ընկերակցութեամբ այցելեց Արցախէն տեղահանուածներու:

Նախարարուհին Հայաստան այցի ընթացքին վերահաստատեց Ֆրանսայի զօրակցութիւնը Հայաստանին, աջակցութիւնը՝ անոր ինքնիշխանութան ու հողային ամբողջականութեան եւ ծայրայեղ զգօնութիւնը ատոնց նկատմամբ։ Տեսակցութիւններու ընթացքին ուսումնասիրուեցան բոլոր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան ամրապնդման շօշափելի եղանակները։

Ռազմական սարքեր՝ Հայաստանին

Բայց, անկասկած, նախարարուհիին Երեւան այցելութեան կարեւորագոյն զարգացումը տեղի ունեցաւ անոր տուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Արդարեւ, տիկին Գոլոնա յայտարարեց, թէ Փարիզ տուած է իր հաւանութիւնը Հայաստանին ռազմական սարքեր մատակարարելու, որ ան կարենայ պաշտպանուիլ իր թշնամիէն՝ Ազերպայճանէն։ 

Նախարարուհին չյստակացուց, թէ ի՞նչ տեսակի սարքերու մասին է խօսքը, սակայն ըսաւ, որ Փարիզ կը գործէ “այս ոլորտին մէջ երկու կողմերու նկատմամբ պատասխանատւութեան ոգիով եւ ոչ թէ՝ կացութեան առաւել սաստկացման”։

Նոյն մամլոյ ասուլիսին, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարուհին լրագրողներու հարցումներուն տուած իր պատասխաններուն մէջ, ի միջի այլոց ըսաւ, որ Ռուսաստան չյարգեց իր պարտաւորութիւնները 2020-ի համաձայնութեան շրջանակին մէջ: 

“Ռուսաստան պէտք է ապահովէր քաղաքական լուծումը, լուծէր առկայ հարցերը Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ. այդ իր պարտաւորութիւնն էր, եւ ան չկատարեց զայն”,– եզրակացուց ան: ■