Search
Close this search box.

Նասեր Քանաանի. «Լեռնային Ղարաբաղը Ազերպայճանի մաս կը կազմէ»

Սեպտեմբեր 11-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քանաանի  յայտարարած է, թէ Իրան անփոփոխ եւ պարզ կեցուածք ունի Արցախի իրավիճակին վերաբերեալ. “Լեռնային Ղարաբաղը Ազերպայճանի մաս կը կազմէ”,– ըսած է ան, ըստ՝ Tasnimnews.com-ի։

“Իրանի դիրքորոշումը քանի մը անգամ յստակօրէն յայտարարուած է Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ  եւ գաղտնիք չէ, որ վերջինս մաս կը կազմէ Ազերպայճանի եւ անոր բնակիչներուն իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է սահմանուին յստակ շրջանակի մէջ”,– ընդգծած է իրանցի դիւանագէտը։

Կրկնելով պետութիւններու հողային ամբողջականութիւնը յարգելու եւ լարումէ խուսափելու Իրանի կոչը՝ Քանաանի նշած է, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ վէճերու լուծման եւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան հասնելու համար կարեւոր քայլ մըն է երկու երկիրներու՝ մէկզմէկու հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալը: