Search
Close this search box.

Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Սարդարապատի յուշահամալիր

Մայիս 28-ի կէսօրէ ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ կառավարութեան անդամներուն հետ այցելած է Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիր, ուր ունեցած է ելոյթ մը։

Ան առաւօտեան խուսափած է Սարդարապատ մեկնելէ՝ նկատի ունենալով «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի աջակիցներուն այնտեղ ներկայութիւնը։

Նշենք, թէ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին աջակիցները՝ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի առաջնորդութեամբ, գիշերած են Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ, յաջորդ օրը՝ Մայիս 28-ին, տեղւոյն վրայ ոգեկոչելով Սարդարապատի հերոսներուն յիշատակը։