Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով՝ ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի գլխաւոր համաժողովի 77-րդ նստաշրջանի ընդհանուր քննարկումներու շրջանակին մէջ յայտարարած է, թէ «Զանգեզուրի միջանցքը միջազգային երթեւեկութեան ցանցի անբաժանելի մասն է»,– աւելցնելով, որ «Միջանցքը Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատումը՝ ապահով, կայուն եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի ստեղծման բանալին է»:
“Ազերպայճան բազմիցս յայտարարած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններ սկսելու պատրաստակամութեան մասին եւ այդ նպատակով ստեղծած է իր ազգային պատուիրակութիւնը: Միաժամանակ, Ազերպայճան ջանքեր գործադրած է Հայաստանի հետ պետական սահմաններու զատման գործընթացը սկսելու, երթեւեկութեան և հաղորդակցական կապերու բացման, այդ կարգին՝ Զանգեզուրի միջանցքի ստեղծման ուղղութեամբ”,– ընդգծած է ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։