Search
Close this search box.

Նոյեմբեր 8-ին բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ զինուորական տողանցք տեղի կ՚ունենայ

«Թուրան» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Նոյեմբեր 8-ին, բռնապետ Ալիեւի ներկայութեան, բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ տեղի կ՚ունենայ զինուորական տողանցք։

Ազերպայճանական լրասփիւռները կը հաղորդեն, թէ Շուշիի մէջ ալ տեղի կ՚ունենայ հրավառութիւն՝ «ի պատիւ 2020-ի հայրենական պատերազմին արձանագրուած յաղթանակի 3-րդ տարեդարձին եւ 2023 Սեպտեմբեր 19-ի յաղթանակին»։