Search
Close this search box.

ՇՈՒԷՏ – «Եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթին Հայաստան գրաւեց 8-րդ տեղը

Մայիս 11-ին, Շուէտի Մալմէօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած 68-րդ «Եւրոտեսիլ» մրցոյթին յաղթեց Զուիցերիոյ ներկայացուցիչ Նեմօ՝ «The Code» երգով, Հայաստան գրաւեց 8-րդ տեղը, իսկ Ֆրանսա՝ 4-րդ։

Հայաստանի կողմէ մրցոյթին մասնակցեցաւ Լատանիվա՝ «Jako» երգով։

Հարկ է նշել՝ այս մրցոյթը, որ տարիներէ ի վեր երաժշտականէն աւելի քաղաքական հաշուեյարդարի հարթակի մը վերածուած է, այդ առումով այս տարի հասաւ իր գագաթնակէտին։ Անկասկած, Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը աւելի իր դրոշմը թողեց այս տարուան մրցոյթին վրայ, քան բուն նպատակը՝ երաժշտութիւնն ու արուեստը ընդհանրապէս։