Search
Close this search box.

Ոստիկանները բռնութիւն կիրարկած են «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ»-ի անդամներուն նկատմամբ

«Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ»-ը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Հոկտեմբեր 7-ին ոստիկանական բաժանմունքէն ազատ արձակուած է «Բեւեռ»-ի համակիր Վահրամ Պետրոսեան: Անոր դէմքին, նաեւ ձեռքի դաստակին կան վնասուածքներ։

Նշենք, թէ նախորդ օրը «Ազատութիւն» հրապարակէն ոստիկանները ուժ կիրարկելով ձերբակալած են «Բեւեռ»-ի անդամները, որոնք խաղաղ ցոյցի կը մասնակցէին։

«“Ազգային-ժողովրդավարական Բեւեռ”-ի երթի աւարտին, երբ արդէն մասնակիցների մեծ մասը Օփերայի հրապարակում էր, ոստիկանութիւնը “Մաշտոց” պողոտայի սկզբնամասում բռնի ուժ կիրարկելով ձերբակալել է “Բեւեռ”-ի անդամներ Վահագն Աւագեանին, Գէորգ Սաֆարեանին, Արսէն Մկրտչեանին եւ այլոց: Ականատեսների պնդումով` ոստիկանները քաշքշել եւ հարուածներ են հասցրել “Բեւեռ”-ի անդամներին»,– նշուած է կուսակցութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Աւելի ուշ, ոստիկանական բաժանմունքին մէջ գտնուողները յայտնած են, որ զիրենք բռնութեան ենթարկած ու ծեծած են: