Factor TV-ի հաղորդած տեղեկութեան համաձայն՝ Ուքրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յառաջիկային կ՚այցելէ Հայաստան։ «Ըստ մեր հաւաստի աղբիւրին՝ Ուքրաինայի նախագահին այցը Հայաստան սա պահուս կը պատրաստուի, սակայն այցի թուականը վերջնականապէս հաստատուած չէ. Այդ մասին ուքրաինական կողմին հետ բանակցութիւն կ՚ընթանայ։ Կը սպասուի, որ Զելենսքի Երեւան գայ Մարտ ամսուն»,– նշած է նոյն աղբիւրը։
Հայաստանի մէջ Ուքրաինայի առժամեայ հաւատարմատար Լոպաչ Վալերի չէ հերքած Factor TV-ի սոյն տեղեկութիւնը։ Անոր նախ հարցում ուղղուած է՝ Հարաւային Կովկասի մէջ ռուս-ուքրաինական պատերազմի հաւանական ազդեցութեան մասին, որուն դիւանագէտը պատասխանած է․ “Իրականթեան մէջ սա պահուս ըսելիք շատ բան կայ, բայց տակաւին ոչինչ կրնամ ըսել։ Քանի մը օր ետք դուք կը լսէք նորութիւններ, կ՚իմանաք, թէ ի՛նչ պիտի կատարուի։ Ես իմ կողմէ կ՚ըսեմ, որ Ուքրաինա պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին”։ Փակագիծերը չբանալով․․․ “Կը տեսնէք քանի մը օրէն։ Ամէն պարագայի, մեր երկիրը կ՚ընէ ամէն ինչ՝ տարածաշրջանի կայունացման համար”։
Լրագրողի հարցումին՝ արդեօք ան կ՚ակնարկէ Ուքրաինայի նախագահի հաւանական այցի՞ն, Լոպաչ Վալերի պատասխանած է․ “Ես կրնամ միայն ըսել, որ գարունը շատ դրական իրադարձութիւններ կը բերէ Հայաստանին”
Ատաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը
Այս կապակցութեամբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան՝ «Արմէնփրէս»-ի հարցումին ի պատասխան նշած է հետեւեալը.
“Կարող եմ ասել, որ բարձրաստիճան այցերի մասին պատշաճ ժամկէտերում պաշտօնապէս իրազեկւում է”:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։