Search
Close this search box.

Պաղեստինի Արտաքին գործոց եւ արտագաղթածներու հարցերու Պետական նախարար նշանակուած է Վարսեն Աղաբեկեան

Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս Մարտ 29-ին հաստատած է նոր կառավարութեան կազմը՝ Մուհամմետ Մուսթաֆայի գլխաւորութեամբ։ 

Նոր կառավարութեան մէջ պաղեստինահայ Վարսեն Աղաբեկեան նշականուած է Արտաքին գործոց եւ արտագաղթածներու հարցերու պետական նախարար:

Աղաբեկեան Միջին Արեւելքի մէջ յայտնի պատմաբան մըն է։ Ան իր կրթութիւնը ստացած է Միացեալ Նահանգներու մէջ. հեղինակ է շարք մը գիրքերու, որոնց կարգին՝ «The Saga of Survival» աշխատութիւնը, ուր կ՛անդրադառնայ տարածաշրջանին մէջ հայերու ներկայութեան եւ պատմական դերակատարութեան։