Search
Close this search box.

Պայրամով՝ Միրզոյեանին. «Ազերպայճանի եւ Հայաստանի Սահմանադրութիւններու միջեւ զուգահեռներ գծելը անիրատես է եւ անընդունելի» 

Յունիս 5-ին, Հունգարիոյ իր պաշտօնակցին հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Ճեյհուն Պայրամով՝ մեկնաբանելով Հայաստանի ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի նախորդ օրուան յայտարարութիւնը  ըսած է, թէ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի Սահմանադրութիւններուն միջեւ զուգահեռներ գծելը անիրատես է եւ անընդունելի։

“Հայաստանի Սահմանադրութիւնը եւ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած այլ փաստաթուղթերը տարածքային պահանջներ կը պարունակեն դրացի պետութիւններու, այդ կարգին՝ Ազերպայճանի նկատմամբ։ Ազերպայճանի Սահմանադրութիւնը եւ այլ  օրէնքներ տարածքային պահանջներ չեն պարունակեր դրացի պետութիւններու եւ Հայաստանի նկատմամբ, հետեւաբար, այս հարցին մէջ զուգահեռներ գծելու փորձերը անընդունելի են: Սա գիտեն բոլոր միջազգային գործընկերները, և ո՛չ ոք կ՚ընդունի այդ փաստարկները, կը կարծեմ, որ Հայաստանի իշխանութիւններն ալ գիտեն, որ սա անհիմն է”,– յայտնած է Պայրամով:

Նշենք, թէ մէկ օր առաջ Միրզոյեան յայտարարած էր, թէ վերջին հաշուով Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Սահմանադրութիւնները չեն կրնար խնդիր ըլլալ իրաւական առումով երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման համար:

“Հայաստան-Ազերպայճան բանակցութիւններու օրակարգին մաս չեն կազմեր ո՛չ մեր, ո՛չ իրենց Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը”,– պնդած էր ան՝ վստահեցնելով, որ Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը Հայաստանի ներքին հարցն է: