Search
Close this search box.

Պայրամով. «ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը, Կարմիր Խաչը եւ Հայաստանի վարչապետը հաստատած են, որ Ազերպայճան չէ ոտնահարած հայ բնակչութեան իրաւունքները» 

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով՝ գերմանացի իր պաշտօնակից Անալենա Պերպոքի հետ հեռաձայնային զրոյցին անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազերպայճանի խաղաղութեան հոլովոյթին յայտարարած է, թէ իր երկիրը «երբեք չէ ոտնահարած հայ բնակչութեան իրաւունքները, եւ սա հաստատուած է ոչ միայն տարածաշրջան այցելած ՄԱԿ-ի առաքելութեան, այլեւ Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան եւ նոյնիսկ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ»։

Ան «շարունակական անհիմն եւ զրպարտիչ արշաւ» որակած է Արցախի բնակչութիւնը ցեղային զտման ենթարկելու գնահատականները՝ աւելցնելով, որ անոնք «Հայաստանի եւ որոշ երկիրներու քաղաքական ձեռնածութիւններու (manipulation) մաս կը կազմեն»։

Պայրամով աւելցուցած է նաեւ, որ այժմ, երբ «Ազերպայճան վերականգնած է իր ինքնիշխանութիւնը, իրական կարելիութիւններ ստեղծուած են Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար, եւ Հայաստան պէտք է գնահատէ այդ հնարաւորութիւնները»։