Search
Close this search box.

Պայրամով. «Պաքու՝ “Զանգեզուրի միջանցք”-ի բացման երկրորդ ծրագիր մը ունի՝ առանց Հայաստանի մասնակցութեան»

Սեպտեմբեր 6-ին, «Ազերթաճ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով յայտարարած է, թէ Պաքու՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման երկրորդ ծրագիր մը ունի՝ առանց Հայաստանի մասնակցութան։ 

“Միշտ այնպէս կը թուի, թէ մենք մօտ ենք աշխատանքներու աւարտին, սակայն վերջին պահուն Հայաստան անսպասելիօրէն հանդէս կու գայ նոր մօտեցումներով եւ գործընթացը կրկին կը յայտնուի փակուղիի մէջ։ Այդ շինիչ չէ եւ կը հակասէ եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներուն”,– նշած է Պայրամով։

Վերջինիս համաձայն` այս ամէնը կրնայ յանգեցնել այդ ճամբուն պարզապէս Հայաստանը շրջանցելուն։

“Ամէն պարագայի մենք այս ծրագրին իրագործումը կը շարունակենք նաեւ առանց Հայաստանի։ Եւ այն ատեն այդ երկիրը պարզապէս դուրս կը մնայ նախագծի շահառուներու ցանկէն”,– յայտնած է ազերի նախարարը։ ■