Search
Close this search box.

«Պատմական Հայաստան», «իրական Հայաստան»

Ապրիլ 10-ին, Հայաստանի Ազ­գա­յին ժո­ղովին մէջ կա­ռավա­րու­թեան ծրագ­րի 2023-ի ար­դիւնքնե­րու զե­կոյ­ցի քննար­կման ընթացքին վար­չա­պետ Փա­շինեան մէկ­դի դնե­լով վի­ճակագ­րու­թիւն եւ կա­ռավա­րու­թեան տար­բեր՝ ըն­կե­րային, տնտե­սու­թեան առնչուած զա­նազան ծրա­գրե­րու գնա­հատա­կանը, կեդ­րո­նացաւ «պատ­մա­կան Հա­յաս­տան» եւ «իրա­կան Հա­յաս­տան» ըմբռնումնե­րուն, տեսլա­կան­նե­րու բա­խու­մին, հա­կադ­րութեան քննար­կման վրայ։

Հա­կառակ անոր որ Մի­ջին Արե­ւել­քի տագ­նա­պը Իրան-Իս­րա­յէլ տա­րածաշրջա­նային մեծ պա­տերազ­մի վե­րածուելու վտան­գը կ՚ապ­րի, ան­դին՝ ու­րիշ պա­տերազմ մը՝ 2020-ի 44-օրեայի պար­տութիւ­նը եւ ան­կէ ետք Ար­ցա­խի հան­րա­պետու­թեան քայ­քա­յու­մը դեռ կը յու­զէ հա­յու­թիւնը, Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնն ու քա­ղաքա­կան դա­սը եւ կը ստի­պէ մի­ջազ­գա­յին ու ազ­գա­յին իրա­կանու­թիւննե­րը այլ կերպ ըն­կա­լելու։ Վար­չա­պետին բա­նաձե­ւու­մին հետ հա­մաձայն ըլ­լանք կամ չըլ­լանք, այդ անդրա­դար­ձը հե­տեւանք է պատ­մա­կան մեծ կո­րուստի՝ թէ՛ երի­տասարդ սե­րունդի, թէ՛ պատ­մա­կան Ար­ցա­խի հայ­կա­կան բնա­կավայ­րի, թէ ազ­գա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան, ինչ որ ան­ցեալի բազ­մա­թիւ պատ­կե­րացումներ, ըն­կա­լումներ, վեր­լուծու­թիւններ, ռազ­մա­վարա­կան դա­շինքներ, նա­խապա­շարումներ վե­րատե­սու­թեան են­թարկե­լու առիթ կը հան­դի­սանայ։ 

Իբր սփիւռքա­հայ, բնա­կան է որ պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի, Արեւմտա­հայաս­տա­նի յի­շողու­թիւնը, ու­րուակա­նը միշտ մե­զի ըն­կե­րակ­ցի։ Ան կ՚ըն­կե­րակ­ցի նաեւ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցիին, իբ­րեւ պատ­մութիւն, մշա­կոյթ։ Յա­ճախ նաեւ իբ­րեւ ըն­տա­նեկան առնչու­թիւն, Հա­մաշ­խարհա­յին Ա. պա­տերազ­մին, ներ­գաղթի ընթացքին Արե­ւելա­հայաս­տա­նը պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի մեծ թիւով գաղ­թա­կանու­թիւն ըն­դունած ըլ­լա­լով։ Ին­չո՞ւ եւ որ­քա­նո՞վ կը հա­կադ­րուին այս եր­կու հաս­կա­ցու­թիւննե­րը։

Քա­ղաքա­կան ազ­դա­կը ան­հերքե­լի է։ Իշ­խա­նու­թեան գլուխ գա­լէն ետք, Թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թեան առաջ­նոր­դը, առա­ջին օրէն, նախ­կիննե­րուն կող­մէ «Ար­ցա­խը վա­ճառե­լու» մեղ­քով ամ­բաստա­նուե­ցաւ։ Սկզբնա­կան շրջա­նին յայ­տա­րարեց թէ ինք Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցիին կող­մէ ընտրեալ ղե­կավար է, իսկ Ար­ցա­խը կը տնօ­րինէ անոր ղե­կավա­րու­թիւնը։ Սա­կայն, շու­տով հա­մակեր­պե­ցաւ Ստե­փանա­կեր­տի հրա­պարա­կէն յայ­տա­րարե­լու՝ «Ար­ցա­խը՝ Հա­յաս­տա՛ն է եւ վե՛րջ»։ Ոչ-բռնի ժո­ղովրդա­յին յե­ղափո­խու­թեամբ իշ­խա­նու­թեան գլուխ եկած առաջ­նորդը ու­նէր կա­րողու­թիւնը եւ առի­թը քա­ղաքա­կան կա­րեւոր փո­փոխու­թիւններ կա­տարե­լու, սա­կայն ան չու­նէր Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեանի քա­ղաքա­կան խո­րին հա­մոզու­մը թէ պէտք է ան­պատճառ հաշ­տութեան ճամ­բան բռնել, զի­ջելով գո­նէ եօթը շրջան­նե­րէն հին­գը… Բնա­կանա­բար Փա­շինեանը ետ պա­հողը Բա­նակի հրա­մանա­տարու­թեան եւ Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րի ինքնավստահ երաշ­խա­ւորումներն էին, թէ Հայ­կա­կան բա­նակը կրնայ դի­մադ­րել որե­ւէ տե­սակի ազե­րական յար­ձա­կու­մի։ Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րին՝ «Նոր պա­տերազմ, նոր տա­րածքներ» յայ­տա­րարու­թիւնը այդ տե­սակէ­տը կը հաս­տա­տէր։

Մի­ջազ­գա­յին դի­տան­կիւնէն սա­կայն, յաչս Արեւմտեան պե­տու­թիւննե­րու ու Ռու­սաստա­նի՝ Ար­ցա­խի մաս կազմելը Ազեր­պայճա­նի տա­րած­քա­յինամ­բող­ջա­կանու­թեան, Ռու­սաստա­նի՝ Հայաս­տա­նի հանդէպ դաշ­նակցա­յին պար­տա­ւորու­թեան զլացումը, թուրքե­ւազե­րական դա­շին­քի հզօ­րացու­մը, Ազեր­պայճա­նի զի­նանո­ցի ար­դիակա­նացու­մը, հայ­կա­կան բա­նակի դի­մադ­րակա­նու­թեան վե­րաբե­րեալ հրա­մա­նատա­րու­թեան մե­ծամ­տու­թիւ­նը եւ երկ­րի ներ­քին քա­ղաքա­կան երկփեղ­կումը պատ­ճառ դար­ձան որ Հա­յաս­տա­նի վրայ յար­ձա­կու­մը տե­ղի ու­նե­նայ առանց մի­ջազ­գա­յին լուրջ ընդդի­մու­թեան եւ հա­կազ­դե­ցու­թեան։

Հա­յաս­տա­նի մէջ «Պատ­մա­կան Հա­յաս­տան»-ի կողմնա­կից­նե­րը Ռու­սա­կան կայսրու­թիւնը կը դի­տեն իբ­րեւ Հա­յաս­տա­նի դա­րաւոր պաշտպա­նը թուրքե­րուն դի­մաց, մինչ Ար­ցա­խի պարտադրեալ անձնատ­ւու­թիւ­նը հա­կառա­կը փաս­տեց։ Իսկ «իրա­կան Հա­յաս­տան» կ՚ու­զէ դուրս գալ այս պա­տերազ­մա­կան տրա­մա­բա­նու­թե­նէն, քալելով խա­ղաղու­թեան ուղիով։ Այս հա­կադ­րութիւ­նը պատ­­ճառ դարձաւ, որ Հա­յաս­տա­ն վե­րա­սահմանէ ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թիւննե­րը։ Պա­տերազ­մի աւար­տին Ռու­սաստա­ն կրցած էր Արեւ­մուտ­քը միան­գա­մայն հե­ռաց­նել Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սէն, սա­կայն յա­ջորդ երկու տարիներուն ան մսխեց ռազմ­ա­վարական իր առաւելութիւնը, կորսնցնե­լով արցախահայերու եւ հա­յաս­տանցիներու վստահութիւնը, մին­չեւ իսկ տարածաշրջանին մէջ իր ներ­կա­յութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելով։ 

Ժ.Չ. ■