Search
Close this search box.

Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս այցելած է Բերձորի միջանցքին սկզբնամասը. «Սա մերօրեայ ողբերգութիւն է»

Միացեալ Թագաւորութեան խորհրդարանի Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքս Սեպտեմբեր 14-ին այցելած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբուն՝ Բերձորի միջանցքին սկզբնամասը, ուր արդէն շուրջ երկու ամիսէ ի վեր կանգ առած՝ կը սպասեն Արցախահայութեան համար անհրաժեշտ մարդասիրական բեռներով լեցուն կառքերը, որոնց Արցախ մուտքին արգելք կը հանդիսանայ Ազերպայճան:

«Սա շատ տխուր եւ միաժամանակ շատ վտանգաւոր վայր մըն է… սա մերօրեայ ողբերգութիւն է»,– գրած է Humanitarian Aid Trust-ի (HART) հիմնադիր եւ նախագահուհի Քոքս: