Search
Close this search box.

Պաքուի մէջ  փորձած են Միյաթովիչը համոզել, որ Հայաստանի նկատմամբ Ազերպայճանի տարածքային յաւակնութիւնները հիմնաւոր են

 

Հոկտեմբեր 23-ին, Եւրոպայի խորհուրդի մարդկային իրաւանց յանձնակատար Տունիա Միյաթովիչ տարածաշրջան կատարած այցի ծիրէն ներս, Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած է այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք»-ի ներկայացուցիչներուն հետ։

Յիշեցնենք, թէ այդ հապճեպ ձեւաւորուած հասարակական կազմակերպութիւնը կոչում ունի «ապացուցելու» ազերպայճանական կողմի կեղծ յայտարարութիւնները՝ Հայաստանէն Ազերպայճանցիներու զանգուածային արտաքսման մասին։ Ան նաեւ նպատակ կը հետապնդէ «հիմնաւորելու» Ազերպայճանի տարածքային յաւակնութիւնները Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, իսկ ա՛լ աւելի հեռուները տանող իրենց ծրագրին համաձայն՝ Հայաստանի ամբողջ տարածքի նկատմամբ։

Ըստ ազերպայճանական լրասփիւռներու՝ հանդիպումին «Տունիա Միյաթովիչին զեկուցած են Հայաստանէն Ազերպայճանցիներու բռնի վտարման մասին, ընդգծուած է, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է հրատապ միջոցներու ձեռնարկէ մարդկային իրաւունքներու այսպիսի ոտնահարման առնչութեամբ»։

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն՝ Միյաթովիչ «նշած է գաղթականներու, այդ կարգին՝ Հայաստանէն վտարուած Ազերպայճանցիներու վերադարձի իրաւունքին կարեւորութիւնը՝ ըսելով, որ այդ խնդրի լուծումը քաղաքական կամք կը պահանջէ»։