Search
Close this search box.

Պաքու Երեւանէն կը պահանջէ չընդլայնել ռազմական ներուժը, լուծարել Արցախի պետական կառոյցները

 

Azatutyun.am կը հաղորդէ, թէ  Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան  Սեպտեմբեր 18-ին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Պաքու Երեւանէն կը պահանջէ չընդլայնել ռազմական ներուժը, լուծարել Արցախի պետական կառոյցները

«Հայաստանէն կը պահանջենք դադրեցնել ռազմական ներուժի ընդլայնումը, ձեռնպահ մնալ վրիժառական ծրագրերէ, չխախտել եւ կասկածի տակ չդնել Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, դադրեցնել անջատողականութեան եւ ահաբեկչութեան հովանաւորումը Ազերպայճանի՝ Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ։ Կը պահանջենք նաեւ անյապաղ [Ղարաբաղէն] ետ քաշել հայ զինուորականները, լուծարել Հայաստանին ենթակայ [այնտեղի] խամաճիկ վարչակազմի ռազմական եւ այսպէս կոչուած՝ “կառավարական” կառոյցները, զինաթափել Ազերպայճանի տարածքին ապօրինի տեղակայուած հայկական բոլոր զինուած ուժերը»,– յայտարարած է Պաքու՝ աւելցնելով, որ «այդ պարագային՝ ապօրինի վարչակազմի այսպէս կոչուած՝ “ներկայացուցիչներ”-ուն նկատմամբ կարելի է, որ կիրարկուի համաներում»։

 Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ նոյն օրը՝ Սեպտեմբեր 18-ին Նախարարութեան մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցած է այդ երկրին մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու եւ Ալիեւի վարչակազմին միջեւ։

Հանդիպման արդիւնքներուն մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ալ նշուած է, որ ազերպայճանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաները օտար դիւանագէտներուն դժգոհած են հայկական կողմի «ապակառուցողական քայլերէն», մարդասիրական ճգնաժամը «քաղաքականացնելու» փորձերէն, անգամ մը եւս յայտարարելով, որ Արցախի շրջափակման մասին պնդումները իրականութեան չեն համապատասխաներ։

Հաղորդագրութեան մէջ անդրադարձ կայ նաեւ ԱՄՆ-ու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողին մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած ունկնդրութիւններուն, զորս ազերպայճանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաները «բեմադրութիւն» որակած են։ «Կը ցաւինք, որ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը միացած է միակողմանի հակաազերպայճանական յայտարարութիւններուն»,– ըսուած է նշեալ հաղորդագրութեան մէջ: