Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը միջազգային համայնքին կոչ ըրած է դատապարտելու Արցախի մէջ Սեպտեմբեր 9-ին տեղի ունեցած ընտրութիւնները:
«Ազերպայճանի ինքնիշխան հողերուն վրայ ստեղծուած անջատողական վարչակարգը կը ձգտի շարունակելու իր գոյութիւնը Հայաստանի ռազմական, քաղաքական, գանձատրական եւ այլ աջակցութեան շնորհիւ»,– ըսուած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Պաքուի պնդումով, «այդ քայլը [ընտրութիւնները] Հայաստանի գրգռիչ եւ վտանգաւոր գործունէութեան մէկ նոր արտայայտութիւնն է, որ ա՛լ աւելի կը լարէ վիճակը եւ լուրջ հարուած կը հացնէ տարածաշրջանի կայունութեան, հայածին (ցեղով հայ) բնակիչները Ազերպայճանի Հանրապետութեան սահմանադրական դաշտին մէջ վերահամարկելու ջանքերուն»։
Ըստ Պաքուի՝ այդ ընտրութիւններուն կազմակերպումը «անգամ մը եւս յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ Հայաստան եւ անոր ստեղծած անջատողական վարչակարգը կը փափաքին պահպանել սթաթուս քուոն եւ շարունակել բռնագրաւման քաղաքականութիւնը եւ բացարձակապէս շահագրգռուած չեն խաղաղ գործընթացով»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։