Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Սեպտեմբեր 12-ին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Պաքու համաձայն է Բերձորի եւ Ակնայ–Ստեփանակերտ ճամբաներու միաժամանակ օգտագործման՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ:
«Ազերպայճան համաձայն է այս երկու ճամբաներու միաժամանակ օգտագործման՝ Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ, բայց ցաւօք սոյն համաձայնութեան իրագործման խոչընդոտ կը հանդիսանայ “Ղարաբաղի շրջանին մէջ” (ընդգծումը՝ մեր կողմէ, Արցախի Հանրապետութիւն) “Հայաստանի ստեղծած վարչակազմը” (ընդգծումը՝ մեր կողմէ – Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները)։
Մենք անգամ մը եւս կը յայտարարենք, որ ազերպայճանական կողմը պատրաստ է “Աղդամ-Խանքենդի” (Ակնայ–Ստեփանակերտ) ճամբուն զուգահեռ Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ ապրանքներու փոխադրութեան համար պայմաններ ստեղծել Լաչինի անցակէտին՝ սահմանային եւ մաքսային ընթացակարգերու կիրարկումով»,– նշուած է Պաքուի հաղորդագրութեան մէջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։