Search
Close this search box.

Պաքու միջազգային հանրութեան կոչ ըրած է, որ «Երեւանին պարտադրէ յանձնել ականապատ դաշտերու քարտէսները»

Յունուար 2-ին, Ազերպայճանի ընդհանուր դատախազութիւնը հարորդած է Աղդամի (Ակնայ) շրջանին մէջ ականի պայթումի հետեւանքով վիրաւորի մը մասին։ Այդ փաստով հետաքննութիւն սկսած է։

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իր կարգին, հրապարակած է յայտարարութիւն մը՝ նշելով, թէ ականի պայթումներէն տուժածներու թիւը 2020-էն ի վեր ցարդ հասած է 342-ի, եւ կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան, որ «Երեւանին պարտադրէ յանձնել ականապատ դաշտերու քարտէսները»։