Search
Close this search box.

ՊԱՔՈՒ – Ֆիտան. «Հայկական սփիւռքը կը շահագործէ հայ ժողովրդի ծանր վիճակը ու կը փորձէ որոշ երկիրներ հրահրել Ազերպայճանի դէմ դիրքորոշում որդեգրելու»

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Ազերպայճան այցելութեան շրջանակին մէջ հանդիպումներ ունեցած է երկրի նախագահ Ալիեւի եւ իր պաշտօնակից Ճեյհուն Պայրամովի հետ։

Վերջնոյս հետ Դեկտեմբեր 14-ին ունեցած տեսակցութենէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին՝ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, թէ Ազերպայճան ու Հայաստան ներկայիս աւելի քան երբեք մօտ են խաղաղութեան պայմանագրին։ 

“Երեք տարի առաջ տեղի ունեցած 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած է խաղաղութեան հասնելու պատմական կարելիութիւն։ Մենք համոզուած ենք, որ այսօր աւելի քան երբեք խաղաղութեան պայմանագրին յանգելու նման կարելիութիւնը դարձած է շատ աւելի իրական, եւ զայն այլեւս պէտք չէ մսխել: Մենք կ՚ողջունենք դրական յառաջընթացը Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ՝ մնայուն խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ու սահմաններու որոշման ուղղութեամբ”,- ըսած է Ֆիտան։

Թուրք նախարարին համաձայն՝ «Արեւմուտքի հայկական սփիւռքը կը շահագործէ հայ ժողովուրդի ծանր վիճակը ու կը փորձէ որոշ երկիրներ հրահրել Ազերպայճանի դէմ դիրքորոշում որդեգրելու»։ “Փոխարէն, աւելի լաւ կ՚ըլլար որ անոնք իրենց ջանքերը ուղղէին այնպիսի պայմաններու ստեղծման, որոնք Հայաստանի ժողովուրդին թոյլ կու տան բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել իր դրացիներուն հետ”,- յորդորած է ան։ 

Հաքան Ֆիտան տարածաշրջանի արտաքին դերակատարներուն թելադրած է հետեւիլ հաւասարակշռութեան պահպանման ու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած քաղաքականութեան։

“Այն յառաջընթացը, որը ձեռք կը բերուի Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ, դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վրայ”,– աւելցուցած է ան։ Ֆիտան յայտարարած է, թէ ինք խոչընդոտ չի տեսներ Անգարայի ու Երեւանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհին վրայ։ “Թուրքիա լիովին կը մնայ Ազերպայճանի կողքին եւ պատրաստ է կարգաւորման շրջանակին մէջ լուծելու որեւէ խնդիր”,– եզրափակած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը։