ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Յունուար 6-ին կ՚այցելէ Թուրքիա։ Լուրը կը հաղորդէ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։
TRT Haber հեռատեսիլի համաձայն՝ ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարի բանակցութիւններու օրակարգին մաս պիտի կազմեն՝ Կազայի հակամարտութեան լուծման հարցը, տարածաշրջանային խնդիրներ, ՕԹԱՆ-ի ընդլայնումը եւ երկկողմ յարաբերութիւնները՝ մասնաւորապէս Թուրքիոյ F-16 կործանիչներու վաճառքը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։