Search
Close this search box.

Պոլսոյ մէջ կը վերանորոգուի «Քամփ Արմէն»-ը, ուր մեծցած է Հրանդ Տինք

 

Պոլսոյ քաղաքապետարանի աջակցութեամբ վերանորոգման աշխատանքներ սկսած են «Քամփ Արմէն» մանկատան մէջ, ուր մեծցած է նաեւ 2007-ին ազգայնական Թուրքի մը անարգ գնդակին զոհ գացած «Ակօս»-ի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինք։

Լուրը կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիէթ» օրաթերթը։

Ըստ աղբիւրին՝ Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գրիգոր Աղապալօղլու յայտնած է, որ մանկատան սաները անհամբերութեամբ կը սպասեն «Քամփ Արմէն»-ի վերանորոգման աշխատանքներու աւարտին։

Սոյն եկեղեցւոյ եւ դպրոցի հիմնադրամին պատկանող այդ հողատարածքին վրայ պիտի կառուցուին նաեւ այլ շինութիւններ, մասնաւորապէս՝ մօտ 100 պատանիի համար նախատեսուած հանրակացարան, մշակութային կեդրոն, գրադարան, բազմաթիւ գործունէութիւններու ծառայող սրահներ, հանդիսասրահ եւ այլն։ «Քամփ Արմէն»-ի մուտքին մօտ պիտի կառուցուի նաեւ Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած «Յիշողութեան կեդրոն»-ը։