Search
Close this search box.

Պուռ-լէ-Վալանսի քաղաքապետուհին՝ հայ ժողովուրդին. «Մենք ձեզ չենք մոռնար»

Պուռ-լէ-Վալանսի քաղաքապետուհի Մառլէն Մուռիէ Սեպտեմբեր 30-ին ընդունած է   Լիոնի մէջ Հայաստանի հիւպատոսուհի Նարինէ Նիկոլեանը, որու հետ քննարկած է վերջին օրերու ողբերգական զարգացումները՝ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ։ 

Քաղաքապետուհին իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելով Հայութեան, յայտարարած է. “Կ՚ուզեմ կրկնել հայ ժողովուրդին, որ մենք զայն չենք մոռնար”։

“Այսօր խղճահարութեան ուղերձները, սրտցաւ ճառերը, գեղեցիկ խօսքերը այլեւս բաւարար չեն։ Արցախցի մեր բարեկամները ասոնց կարիքը չունին։

Այժմ դրուած խնդիրը այն է, որ շօշափելի գործողութիւններով պէտք է խուսափիլ լայնածաւալ ճգնաժամէ, որ վերահաս է: Շօշափելի գործողութիւններ, որոնք պէտք է յանգեցնեն գաղթականներու համար մարդասիրական օգնութեան, որպէսզի անոնք կարենան երդիք մը ունենալ եւ վերակառուցել իրենք զիրենք, Հայաստանի մէջ կամ այլուր, բայց նաեւ ռազմական օգնութիւն Հայաստանին, անոր ընձեռելու համար նոր ներխուժման փորձերէ պաշտպանուելու կարելիութիւն:

Հարկ է նաեւ ընտրեալներուն, հիմնարկներուն, երեսփոխաններուն, ծերակուտականներուն, կառավարութեան, միջազգային հանրութեան, անվհատ կոչ ընել ճնշում գործադրելու Ազերպայճանի վրայ, պատիժներու միջոցով, մասնաւորապէս՝ վերջ տալով կազի գնումին, խուսափելու համար ցեղասպանութենէ, ինչ որ արդարօրէն շատերու մտավախութիւնն է։

Ի վերջոյ, այժմ պէտք է արգելք հանդիսանալ ծաւալապաշտական ցանկութիւններու ամբողջ Սիւնիքի վրայ տարածման, ինչ որ պիտի նշանակէր պարզապէս Հայաստանի ամբողջ հարաւին քարտէսէն ջնջումը, բռնապետ Ալիեւի՝ Ազերպայճանը Թուրքիոյ հետ կապելու աղէտալի եւ նուիրական նպատակի իրագործումով։  

Որպէս Պուռ-լէ-Վալանսի՝ հայկական սփիւռքի հիւրընկալ հողի քաղաքապետ, ես կ՚ուզեմ հայ ժողովուրդին կրկնել, որ մենք զայն չենք մոռնար: Թէեւ հազարաւոր մղոններ հեռու, բայց մենք անսասան կանգնած ենք անոր կողքին”,– աւելցուցած է Մուռիէ։