Search
Close this search box.

Ռընօ Միւզըլիէ եւ ութ բարձրաստիճան ընտրեալներ բուռն կերպով կ՚ընդդիմանան COP29-ը Ազերպայճանի մէջ կազմակերպելու առաջարկին

Փրովանս-Ալփ-Գոթ տ’Ազիւր շրջանի նախագահ Ռընօ Միւզըլիէ իր վճռական ընդդիմութիւնը կը յայտնէ կլիմայի COP29 համաժողովի կազմակերպումը Ազերպայճանին վստահելու առաջարկին:

«COP29-ի կազմակերպումը Ազերպայճանին վստահիլը միջազգային հանրութեան համար անարգանք կ՚ըլլայ, Հայոց, Արցախի համար՝ վիրաւորանք, եւ կլիմայի համար ձախողման խոստովանութիւն: Ատոր պիտի ընդդիմանամ իմ ամբողջ ուժով»,– ըսած է Միւզըլիէ X ընկերային ցանցին կատարած գրառումով:

 

Բացի Միւզըլիէէն, ֆրանսացի աջակողմեան եւ ձախակողմեան ութ բարձրաստիճան ընտրեալներ արդէն նոյնպէս իրենց բուռն ընդդիմութիւնը յայտնած էին  «Թրիպիւն» թերթի անցեալ Կիրակի օրուան թիւին մէջ հրապարակուած իրենց բաց նամակով, ուր անոնք ՄԱԿ-ի՝ կլիմայի նուիրուած 29-րդ համաժողովին Ազերպայճանի մէջ կազմակերպումը կը գնահատէին «Ֆրանսան, Եւրոպական Միութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնները անպատուող» քայլ մը:

«Համաժողովին այդ երկրին մէջ կայացումը անխուսափելիօրէն պիտի շահագործուի անոր վարչակարգին կողմէ, իր գործած յարձակումներէն ու բազմակարծութեան ու մարդկային իրաւանց խախտումներէն մաքրուելու համար», ի միջի այլոց կը մեղադրէին Փարիզի քաղաքապետուհին (Անն Հիտալկօ, ընկերվարական), Սթրազպուրկի քաղաքապետուհին (Ժանն Բարսեղեան, բնապահ), Իլ-տը-Ֆրանսի նախագահուհին (Վալերի Փեքրէս, հանրապետական), Օքսիթանիոյ նախագահուհին (Գարոլ Տելկա, ընկերվարական), Հօ-տը-Ֆրանսի նախագահը (Զաւիէ Պերթրան, հանրապետական), ինչպէս նաեւ Ծերակոյտի «Հանրապետականներ» խումբի ղեկավար Պրիւնօ Ռըթայօ եւ Մարսիլիոյ նախկին քաղաքապետուհի Միշէլը Ռիւպիրոլա (բնապահ):

2024 Նոյեմբեր 11-22 Ազերպայճան պիտի հիւրընկալէ COP29-ը, ըստ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11-ին Տուպայի մէջ գումարուած COP28 համաժողովի ընթացքին կայացուած որոշումին: