Search
Close this search box.

Ռուբէն Վարդանեանի հարցով Հայաստանի կառավարութիւնը դիմած է ՄԻԵԱ-ին

Ռուբէն Վարդանեանի պաշտպանութեան համար Հայաստանի կառավարութիւնը դիմած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին (ՄԻԵԱ)։ Լուրը կը հաղորդէ միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցչի բանբեր Յասմիկ Սամուէլեան։

«Հայկական կողմը Պաքուէն պահանջած է տեղեկութիւններ տրամադրել, թէ ո՞ւր տարած է Վարդանեանը եւ ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի ան»,– ըսած է Սամուէլեան։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան ալ՝ Ռուբէն Վարդանեանի ձերբակալութեան վերաբերեալ Tert.am-ի հարցումին ի պատասխան նշած է, թէ կը ձեռնարկուի բոլոր կարելի միջոցներուն ենթակային իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը եւ անոր վերադարձը ապահովելու համար: Այս առումով կ՚ակնկալուի նաեւ Ռուսաստանի եւ այլ միջազգային պաշտօնատարներու աջակցութիւնը։

«Նախարարութիւնը բազմիցս շեշտած է Բերձորի միջանցքով Արցախէն Հայաստան անձերու տեղաշարժի անարգել ապահովման հրամայականը»,– ըսած է ան։

Այլ հակազդեցութիւններ

Ստորեւ հակազդեցութիւններ Ռուբէն Վարդանեանի ձերբակալման, որոնք բնականաբար սպառիչ չեն, կան բազմաթիւ ուրիշներ ալ։

CCAF. «Ռուբէն Վարդանեանի կամայական ձերբակալութիւնը պէտք է դատապարտուի»

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (CCAF)՝ X-ի իր հաշիւին հրապարակած հաղորդագրութեամբ խստօրէն կը դատապարտէ Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի ապօրինի ձերբակալումը Ազերպայճանի կողմէ: 

«Մենք պէտք է դատապարտենք այս կամայական ձերբակալութիւնը եւ անյապաղ վերջ դնենք այդ պետութեան անպատժելիութեան, որ կը խախտէ միջազգային չափանիշերը՝ խոշտանգելով, մահապատիժի ենթարկելով, խեղելով, կամայականօրէն ձերբակալելով Հայերը»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։ 

Լեմքին հիմնարկ. «Խորապէս մտահոգ ենք»

Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքին հիմնարկը եւս հաղորդագրութեամբ մը դատապարտած է Ռուբէն Վարդանեանի ապօրինի ձերբակալութիւնը։

«Վարդանեան, որ միշտ բացայայտօրէն պաշտպանած է Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, Ազերպայճանի առանձնայատուկ ատելութեան արժանացած է։ Ան եւ Արցախի կառավարութեան ու ինքնապաշտպանութեան բանակի ներկայ եւ նախկին անդամները կոչուած են «անջատողականներ եւ ահաբեկիչներ»…, որակումներ, որոնք պետութիւնները կ՚օգտագործեն ապօրինի ձերբակալութիւններն ու սպանութիւնները արդարացնելու համար։

Մենք մտահոգ ենք Վարդանեանի կեանքի եւ ապահովութեան համար, յատկապէս նկատի առնելով այն վերաբերումը, որուն կ՚ենթարկուին 2020-էն ի վեր ազերպայճանական գերութեան մէջ գտնուող հայ ռազմագերիները, իսկ այդ մէկը փաստագրուած է»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Կառոյցը Ռուսաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի միւս բոլոր առաջնորդներուն կոչ կ՚ընէ, որ պահանջեն Ռուբէն Վարդանեանի՝ Ազերպայճանէն անվտանգ փոխադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախի կառավարութեան անդամներու եւ Պաշտպանութեան բանակի զինուորներու՝ Արցախէն անարգել դուրս ելլելը։