Search
Close this search box.

Ռուբէն Վարդանեան. «Լաւ լուրեր ունինք․ Լիխթընշթայնի Միքայէլ իշխանը պատրաստ է գլխաւորելու դէպի Արցախ մարդասիրական օդային օգնութիւնը»

Օգոստոս 28-ին, Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան Դիմագիրքի իր էջին գրառումով հաղորդած է.

«Մարդասիրական օդային միջանցքի մասին լաւ լուրեր ունինք:  Լիխթընշթայնի Միքայէլ իշխանը պատրաստակամութիւն յայտնած է գլխաւորելու դէպի շրջափակուած Արցախ մարդասիրական օդային օգնութիւնը եւ անձամբ ներկայ գտնուելու մարդասիրական օգնութիւն բերող օդանաւին մէջ:

Մարդասիրական բնագաւառի մեր գործընկեր զուիցերական Impact Investing Solutions ընկերութիւնը իր կայքին վրայ արդէն հրապարակած է մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, ուր նշուած է. “Լիխթընշթայնի իշխան  նորին վսեմութիւն Միքայէլի հետ միասին աշխարհի այլ առաջնորդներ, պետութիւններու ներկայ եւ նախկին ղեկավարներ եւս պատրաստ են կենսական անհրաժեշտութեան ապրանքները օդային կամուրջով հասցնելու Լեռնային Ղարաբաղ, ուր 120 հազար հոգի, ի շարս որոնց՝ 30 հազար երախայ, արդէն աւելի քան ութ ամիս է, որ զրկուած են սնունդէ ու դեղորայքէ”:

Յիշեցնեմ, որ տակաւին անցեալ Դեկտեմբերին “Աւրորա” մարդասիրական նախաձեռնութեան անդամներն ու միջազգային մարդասիրական հանրութեան ղեկավարները կոչ ըրած էին հրատապ մարդասիրական օդային օգնութիւն կազմակերպելու դէպի Արցախ:

Այս վառ օրինակը ցոյց կու տայ, որ միջազգային դերակատարները պատրաստ են իրական աջակցութիւն տրամադրելու, եթէ ամբողջական տեղեկութիւններ ունենան Արցախի մէջ տիրող կացութեան մասին: Այս առումով ակնյայտ է, որ տեղեկատուական հարթակի վրայ մեր ամէնօրեայ աշխատանքը արդիւնաւէտ է, եւ մենք բոլորս պէտք է առաւել ջանք գործադրենք, որ աշխարհը իրապէս գիտակցի, թէ Արցախի մէջ սա պահուս ինչ կը կատարուի, եւ ինչ կրնայ ընել անոնցմէ իւրաքանչիւրը: Այս պատճառով ալ միջազգային լրագրողները պէտք է կարելիութիւն ունենան գալու եւ տեղւոյն վրայ համոզուելու, որ Արցախը մարդասիրական ճգնաժամի մէջ է եւ 120 հազար բնակչութիւնը ցեղասպանութեան կ՚ենթարկուի»: