«Ակօս»-ի հիմնադիր եւ հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Հրանդ Տինքի հրէշաւոր սպանութեան 17-րդ եւ Պաքուի ջարդերուն 34-րդ տարելիցին առիթով, Յունուար 21-ին, Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ, Պուլկարիոյ առաջնորդական տեղապահ, Պալքանեան երկիրներու Հայրապետական պատուիրակ գերշ. Տ. Տաթեւ եպիսկ. Յակոբեանի հանդիսապետութեամբ, Պուքրէշի Սրբոց Հրեշտակապետաց Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ պատարագ՝ ձեռամբ հոգեւոր հովիւ արժ․ Տ․ Օշական քահանայ Խաչատրեանի։ Աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Հրանդ Տինքի եւ Պաքուի ջարդերուն զոհ գացած հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Նմանատիպ ոճրագործութիւնները երբեք պատմութիւն չեն դառնար ու չեն մոռցուիր, մա՛նաւանդ այն պարագային, երբ ոճրագործները ներողութիւն չեն խնդրած։ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը բացայայտ ոտնձգութիւն էր ընդդէմ ազատ խօսքի, ժողովրդավարութեան ու մեծ մտաւորականի գաղափարներուն: Իբրեւ ճշմարտութեան առաջամարտիկ, անտեսելով բոլոր տեսակի սպառնալիքները, Տինք բոլոր ամպիոններէն կը պահանջէր ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, չհերքել պատմական իրողութիւնը եւ մերժող կեցուածքով յանցակից չդառնալ երիտթրքական ու օսմանեան իշանութիւններուն։
Իսկ Պաքուի մէջ 34 տարի առաջ տեղի ունեցածը հայ ընտանիքներու հրէշաւոր սպանութիւնները, ջարդն ու արտաքսումը, յաւերժ պիտի մնան հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ՝ իբրեւ ծանրագոյն ոճրագործութիւն եւ ծրագրուած ցեղասպանութիւն: Իւրաքանչիւր հայորդի պարտաւոր է ապրիլ ու յիշել իր եղբայրներու ու քոյրերու դաժան սպանութիւնը, յիշել ու յիշեցնել աշխարհին, յիշեցնել ու պայքարիլ յանուն արդարութեան ու ոճրագործներու դատապարտութեան, պայքարիլ ու հզօրանալ՝ թոյլ չտալով այլեւս նմանատիպ յանցանքներու կրկնութիւնը, որ ցեղասպանութիւն է: Մոռնալ անցեալը կը նշանակէ չունենալ ապագայ։
Մենք կը խոնարհինք Պաքուի անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ եւ կ՚աղօթենք բոլոր նահատակներու հոգիներու հանգստութեան ու խաղաղութեան համար՝ հայցելով Բարձրեալն Աստծոյ ողորմութիւնը:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. ամէն:
Ռումանիոյ Հայոց թեմի մամլոյ դիւան
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։