Ռուսաստանի Կարմիր Խաչի կողմէ Արցախի Հանրապետութիւն ուղարկուած մարդասիրական օգնութեամբ բեռնուած բեռնակառքը Ակնայ–Ասկերան ճամբով Սեպտեմբեր 12-ին հասած է Ստեփանակերտ։ Օգնութիւնը կը պարունակէ ռուսական արտադրութեան կենսական նշանակութեան ապրանքներ։
Ասկերանի քաղաքապետ Հայկ Շամիրեան «Արցախփրէս»-ին հաղորդած է, թէ «Տանկ» յուշակոթողին մօտ հաւաքուած մտահոգ քաղաքացիները նախ ընդվզած են, չեն թոյլատրած բեռնակառքին Արցախ մուտքը, այնուհետեւ համաձայնած են եւ Ռուսաստանի Կարմիր խաչի բեռնակառքը ոստիկանութեան ուղեկցութեամբ հասած է մայրաքաղաք Ստեփանակերտ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։