Search
Close this search box.

Ռուսաստանի նախագահ Փութինի գլխաւոր ընդդիմադիր Ալեքսեյ Նաւալնի մահացած է բանտին մէջ

 

Փետրուար 16-ին, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի գլխաւոր ընդդիմադիր 47-ամեայ Ալեքսեյ Նաւալնի մահացած է երկրի ամէնէն հեռաւոր եւ ցուրտ ափերէն՝ Եամալ-Նենեցիա (Սիպիր) ինքնավար շրջանի բանտին մէջ։

Ընդդիմադիր գործիչը ճաղերու ետին յայտնուեցաւ շուրջ երեք տարի առաջ, իսկ անցեալ Օգոստոսին դատարանը ա՛լ աւելի խստացուց անոր պատիժը՝ դատապարտելով 19 տարի ազատազրկման՝ ծանր պայմաններու տակ՝ ծայրայեղական գործունէութեան մեղադրանքով։

Արեւմուտքն ու միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները զինք համարած են քաղաքական բանտարկեալ։

ԱՄՆ-ու նախագահ Ճօ Պայտըն միացած է արեւմտեան առաջնորդներուն եւ խստօրէն դատապարտած Վլատիմիր Փութինը, նշելով, թէ վերջինս պատասխանատու է բանտարկուած ընդդիմադիր առաջնորդ Նաւալնիի մահէն։

Այս կապակցութեամբ աշխարհի զանազան քաղաքներու՝ ներառեալ Երեւանի մէջ, Ռուսաստանի դեսպանատան առջեւ համախմբուած են անոր մեծաթիւ համակիրները՝ արտայայտելու իրենց յարգանքն ու ցաւը Փութինի հիմնական քննադատին մահուան առիթով։