Search
Close this search box.

Ռուս խաղաղապահները կրախիճէ պատնէշներով եւ փշալարերով փակած են Ազերպայճանի «մարդասիրական օգնութեան» ճամբան

Ռուսաստանի խաղաղապահները կրախիճէ պատնէշներով եւ փշալարերով փակած են Ակնայ-Ստեփանակերտ ճամբան, ուրկէ Ազերպայճան իբրեւ թէ կ՚ուզէ «մարդասիրական օգնութիւն» ուղարկել Արցախ։

«Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ համացանցի վրայ տարածուած տեսանիւթերուն մէջ կ՚երեւի, որ խաղաղապահները փակած են ճամբուն այն հատուածը, ուր հասած եւ կեցած են «մարդասէր» Ազերպայճանցիներու բեռնակառքերը։

Ճամբան փակած են նաեւ Արցախցիները, որոնք կը շեշտեն՝ ահաբեկչական պետութիւն կոչուող Ազերպայճանէն իրենց ո՛չ մէկ օգնութիւն պէտք է։ Անոնք նշած են, որ այդ ճամբուն գործարկումը իրենց համար անընդունելի է։ Արցախցիները վրաններ լարած են այդ հատուածին մէջ։

Ազերպայճանցիները նոյնպէս վրաններ լարած են իրենց բեռնակառքերուն քով։

Յիշեցնենք, թէ Ազերպայճան Օգոստոս 29-ին յաջորդական բեմադրութիւնը կազմակերպեց՝ յայտարարելով, թէ «Աղդամ-Ստեփանակերտ ճանապարհով 40 թոն ալիւր կը ղրկէ Լեռնային Ղարաբաղ՝ իբրեւ մարդասիրական օգնութիւն»։ ■