Search
Close this search box.

Ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ Արցախէն 80 հոգի փոխադրուած է Հայաստան

Սեպտեմբեր 16-ին, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի ուղեկցութեամբ  80 հոգի Արցախէն Բերձորի միջանցքով փոխադրուած է Հայաստան։ «Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ սոյն տեղեկութիւնը հրապարակած է Peacekeeper թելեկրամեան ալիքը, որ կը լուսաբանէ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու գործունէութիւնը։ 

Աղբիւրը կը նշէ, թէ Հայաստան փոխադրուածները հայկական եւ արտասահմանեան համալսարաններու ուսանողներ են, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով իրենց աշխատանքը կորսնցուցած մասնագէտներ ու բանուորներ, որոնք չեն կրցած վերադառնալ իրենց մնայուն բնակութեան վայրը։ Անոնք դիմած են խաղաղապահներուն՝ իրենց փոխադրութիւնը կազմակերպելու համար։