Search
Close this search box.

Սամուէլ Բաբայեան. «Արցախի ճակատագրի ծանրութիւնը այսուհետեւ կրելու են օտարերկրեայ ազդեցութեամբ եւ շահով առաջնորդուող քսաներկու երեսփոխանները, նրանց կողմից առաջադրուած եւ ընտրուած նախագահը…»

Սամուէլ Բաբայեան հրապարակած է ստորեւ տրուած յայտարարութիւնը՝ Արցախի Ազգային ժողովին մէջ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կապակցութեամբ.

«Յարգելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր (Սեպտեմբեր 9-ին) Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովում Հանրապետութեան հինգերորդ նախագահ է ընտրուել Սամուէլ Շահրամանեանը, ինչի կապակցութեամբ իմ եւ իմ ղեկավարած “Միասնական հայրենիք” կուսակցութեան անունից շնորհաւորում եմ եւ մաղթում, որ անշեղ հաւատարմութեամբ իրականացնէք Ձեզ առաջադրած քաղաքական ուժերի նախանշած “կարմիր գծերի” քաղաքականութիւնը:

Անհրաժեշտ եմ համարում տեղեկացնել, որ երէկ ուշ երեկոյեան Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնակատարի եւ քաղաքական ուժերի մասնակցութեամբ հրաւիրուել է խորհրդակցութիւն, որի ընթացքում ինձ խնդրել են ձեռնպահ մնալ քաղաքական ցոյցից, քանի որ, ինչպէս ինձ փոխանցեցին, Բաքուից կապ են հաստատել իրենց հետ եւ սպառնացել, որ նախագահի ընտրութեան անցկացման դէպքում կը դիմեն ուժի:

Լիովին վստահ չլինելով, որ ինձ փոխանցւում է ամբողջական տեղեկատւութիւն, կայացրել եմ ցոյց չկատարելու որոշում, որպէսզի հնարաւոր անցանկալի զարգացումները չվերագրուեն “Միասնական հայրենիք” կուսակցութեան “արկածախնդրութեան”։

Համակողմանիօրէն գնահատելով ներքին եւ արտաքին քաղաքական միջավայրը՝ յայտարարում եմ, որ Արցախի ճակատագրի ամբողջ ծանրութիւնը այսուհետեւ կրելու են օտարերկրեայ ազդեցութեամբ եւ շահով առաջնորդուող քսաներկու երեսփոխանները, նրանց կողմից առաջադրուած եւ ընտրուած նախագահն ու այս գործընթացի կնքահայրերը։

Հայրենակիցնե´ր,

“Միասնական հայրենիք” կուսակցութիւնը, որպէս քաղաքական հակակշիռ, իմ ղեկավարութեամբ շարունակելու է իրացնել իր ներկայացուցչական լիազօրագիրը։ Իսկ դէմքերի եւ դէպքերի առարկայական գնահատականը ժամանակն է տալու»։

*   *   *

Որպէսզի Բաբայեանի «օտարերկրեայ ազդեցութեամբ եւ շահով առաջնորդուող» պնդումը հասկնալի դառնայ մեր ընթերցողներուն՝ նշենք, թէ ինչպէս Բաբայեանի, այնպէս ալ շատերու  կողմէ Շահրամանեան կը նկատուի ռուսամէտ քաղաքական գործիչ։ Կան նոյնիսկ պնդումներ, թէ Արայիկ Յարութիւնեան իր ապագայ հրաժարականի մասին ուղերձին մէջ «նեղ շրջանակներ» բնութագրումով կ՚ակնարկէր գլխաւորաբար Սերժ Սարգսեանին, Բակօ Սահակեանին եւ Ռուբէն Վարդանեանին (նաեւ՝ որոշ չափով Ռոբերտ Քոչարեանին), որոնք ըստ այդ պնդումները յառաջ քշողներուն՝ իրեն պարտադրած են հրաժարիլ եւ Պետական նախարար ընտրել Շահրամանեանը, այնուհետեւ ալ՝ զայն նախագահի պաշտօնին ընտրելու համար։