Search
Close this search box.

Սամուէլ Շահրամանեան. «Ազերպայճանի յարձակման դէմ մենք առանձին մնացած էինք, ռուսական կողմը դէտի դերի մէջ էր»

Հոկտեմբեր 28-ին, Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան ծաւալուն հարցազրոյց մը ունեցած է Արցախի Հանրային հեռատեսիլին հետ։ Ան մանրամասն բացատրութիւններ տուած է իր ընտրութեան (Սեպտեմբեր 9-ին) յաջորդած իրադարձութիւններու մասին։

Ստորեւ ամփոփ գիծերու մէջ կ՚անդրադառնանք հարցազրոյցէն քաղուած քանի մը կարեւոր կէտերու.

Հարցազրոյցին սկիզբը Արցախի նախագահը ցաւակցութիւն յայտնած է թէ՛ պատերազմին եւ թէ՛ պենզինի պահեստի պայթումին հետեւանքով բոլոր զոհուածներու հարազատներուն, վիրաւորներուն մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում։

«Ռուսական կողմը դէտի դերի մէջ էր»

Ազերպայճանի Սեպտեմբեր 19-20-ի ռազմական գործողութիւններու վերաբերեալ նախագահը ըսած է. “Գրեթէ բոլոր շրջանները կ՚ենթարկուէին բուռն ռմբակոծութեան, եւ պարզ էր՝ այդ կացութեան մէջ մենք պէտք է ամէն ինչ ընէինք՝ դիմադրելու համար: Ռազմական գործողութիւններու սկսելէն քանի մը ժամ ետք ես հասկցայ, որ մենք առանձին ենք հակառակորդի յարձակումին դէմ: Ռուսական կողմը, կարելի է ըսել, կը գտնուէր դէտի կարգավիճակի մէջ, եւ մենք պէտք է ունակ ըլլայինք մեր հարցերը ինքնուրոյն կարգաւորելու: Պաշտպանութեան բանակի, ուժային այլ կառոյցներու, ինչպէս նաեւ մեր բնակչութեան հետ միասին սկսանք պատասխան գործողութիւններու, եւ նոյն այդ գործողութիւններու շնորհիւ էր, որ կարելի եղաւ ազերպայճանական կողմին հետ սկսիլ բանակցութիուններ, որոնք տեւեցին շուրջ 12 ժամ”։

“Մեզի համար պարզ էր, որ անհրաժեշտ էր դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, քանի որ ուժերը անհաւասար էին, եւ որքան մենք շարունակէինք, այնքան աւելի պիտի ունենայինք զոհեր եւ կորուստներ: Իմ նպատակը՝ իբրեւ Արցախի նախագահ, ռազմական գործողութիւնները կարելիին չափ արագ դադրեցնելն էր, որպէսզի խուսափէինք մեծաթիւ կորուստներէ: Ես ստիպուած էի ուղղակի կապ հաստատելու ազերպայճանական կողմի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք ինծի ծանօթ էին եւ նախապէս ալ նաեւ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ կապ ունեցած էին, լիազօրուած՝ մեզի հետ բանակցելու”,– նշած է նախագահ Շահրամանեան՝ աւելցնելով, թէ Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան եւ անձամբ իր կողմէ կայացուած որոշումներու միակ նպատակը եղած է Արցախցիներու, բանակի, զինուորներու, սպայակազմի կեանքեր փրկելը, եւ այդ է որ կրցած են ընել։ “Պաշտպանութեան բանակի ամբողջ անձնակազմը պատերազմի դադրեցումէն ետք հսկիչ-անցագրային կէտով անցաւ եւ ոեւէ մէկը չձերբակալուեցաւ։ Այդ եղաւ մեր համաձայնութեան արդիւնքը”։

 

«Ազերպայճան՝ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւնը շատոնց մշակած էր եւ ան որեւէ կապ չունի նախագահի ընտրութեան հետ»

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւնը կապուած էր Արցախի նախագահի ընտրութեան հետ, Շահրամանեան նշած է, թէ ինք ծանօթ է այդ կեղծ թեզին եւ կ՚ուզէ վստահեցնել, որ ազերպայճանական կողմը նկատի չէր առներ, թէ ի՛նչ գործընթաց տեղի կ՚ունենայ Արցախի մէջ, եւ պարզ է, որ իր ընտրուելէն յետոյ չէ, որ մշակուած է ռազմական գործողութիւններու ծրագիրը։

“Յիշեցնեմ, որ մենք 9 ամիս շրջափակման եւ վերջին չորս ամիսները պաշարման մէջ էինք։ Վերջին ամիսներուն ես՝ իբրեւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, տեղեկութիւններ կը ստանայի մեր շփման գիծի ամբողջ երկայնքին ազերպայճանական զինեալներու կուտակումներու մասին։ Անոնք շատ մօտ էին մեր բնակավայրերուն, եւ այս հարցը պարբերաբար կը քննարկէինք Անվտանգութեան խորհուրդի նիստերուն։ Եւ հիմա ըսել թէ  Ազերպայճանական կողմը յարձակումը վերջին օրերուն ծրագրած է՝ ոչ միայն ճիշդ չէ, այլ կեղծ թեզ է”։

 

«Հայաստան տեղեակ էր թէ Արցախ ի՛նչ կը ստորագրէ. մենք որոշ հարցեր քննարկած ենք Հայաստանի ղեկավարութեան հետ»

Պատասխանելով հարցումին, թէ այս ամբողջ ընթացքին խօսա՞ծ է Հայաստանի իշխանութեան որեւէ ներկայացուցչի կամ վարչապետի հետ, կապի մէջ եղա՞ծ է, իր որոշումներու մասին զանոնք տեղեակ պահա՞ծ է, Շահրամանեան ըսած է.

“Մենք կապի մէջ էինք Հայաստանի ղեկավարութեան հետ, որոշ հարցեր քննարկեցինք, որոշ հարցեր կարելի չեղաւ քննարկել՝ հաղորդակցական կապի բացակայութեան պատճառով”: 

Իսկ թէ Հայաստան տեղեա՞կ էր Արցախ ի՛նչ կը ստորագրէ հարցումին, ան պատասխանած է. “Հայաստան տեղեակ էր եւ մենք Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ կը քննարկէինք այդ փաստաթուղթերուն հետ կապուած հնարաւոր վտանգները, բայց մեր նպատակը այդ կացութեան մէջ Արցախիցներու կեանքը փրկելն էր”։

 

«Պենզինի պահեստի պայթումը պատահած է կանոններու խախտման պատճառով »

Պատասխանելով պենզինի պահեստի պայթումին վերաբերող հարցումին, Արցախի նախագահը յայտնած է, թէ պայթումը տեղի ունեցած է Պաշտպանութեան բանակի անձեռնմխելի պահեստին մէջ։ Բնակչութիւնը խուճապի հետեւանքով յայտնուած է զօրամասի այդ պահեստին մէջ։ Հոն չեն պահպանուած անվտանգութեան տարրական կանոնները, որոնց հետեւանքով պատահած է պայթումը։ “Մեզի համար այդ դէպքը շատ ծանր էր: Մենք գրեթէ նոյնքան զոհ ունեցանք, որքան ռազմական գործողութիւններու ընթացքին։ Արցախի Քննչական կոմիտէին (ՔԿ) կողմէ յարուցուած է քրէական գործ եւ յանձնուած Հայաստանի ՔԿ-ի զինուորական գլխաւոր վարչութեան: Ես պիտի խնդրէի Հայաստանի ՔԿ-ի ղեկավարութենէն հետեւողական ըլլալ եւ պարզել այդ դէպքին բոլոր հանգամանքները, յայտնաբերել բոլոր յանցաւորները եւ զանոնք պատժել”,– ընդգծած է նախագահը։

 

«Ես եւ Պաշտպանութեան նախարարը ուղղաթիռով փոխադրուեցանք Հայաստան»

Հարցումին թէ՝ ինչո՞ւ որոշ գործող ղեկավարներ յաջողեցան Արցախէն դուրս ելլել, բայց ձերբակալուեցան նախկին ղեկավարները, Շահրամանեան յայտնած է, թէ չի կրնար այդ հարցումին պատասխանել, թէ ինչո՞ւ Ազերպայճան նման որոշում կայացուցած է։ Ինք կրնայ միայն եզրակացնել, թէ անոնք ձերբակալուած են քաղաքական նպատակներով։ Ան տեղեկացուցած է, թէ ինք եւ Պաշտպանութեան նախարարը ուղղաթիռով փոխադրուած են Հայաստան։

 

«Պէտք է սկսինք զբաղիլ այն հարցերով, որոնք թոյլ կու տան ամրագրել Արցախէն տեղահանուած մեր քաղաքացիներուն վերադարձը»

Հիմա ի՞նչ քայլեր նախատեսուած են հարցումին, Շահրամանեան պատասխանած է. “Յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ զբաղիլ այն հարցերով, որոնք թոյլ կու տան ամրագրել մեր ժողովուրդի, Արցախէն տեղահանուած մեր քաղաքացիներու վերադարձը։ Այդ մեր օրակարգին մաս կը կազմէ եւ պէտք է միջոցներ որոնենք այդ հարցին լուծում գտնելու համար”։

Հարցումին՝ «վերադարձ՝ Արցախի ի՞նչ կարգավիճակով», Շահրամանեան պատասխանած է. “Սա քննարկումներու, բանակցութիւններու հարց է։ Կ՚ենթադրեմ, թէ մեր բնակչութեան վերադարձի հարցով շահագրգռուած են տարբեր քաղաքական շրջանակներ՝ եւրոպական, ամերիկեան, ռուսական։ Այնպէս կը թուի, որ ազերպայճանական կողմը եւս շահագրգռուած է այդ հարցով, որովհետեւ մեղադրանքներ կը հնչեն նաեւ միջազգային հանրութենէն, որ անոնք նպաստած են բնակչութեան բռնի տեղահանումին: Եւ կ՚ենթադրեմ, այդ հարցին շուրջ է, որ պէտք է սկսիլ բանակցութիւնները”:

Եւ ի վերջոյ անդրադառնալով՝ Արցախցիներուն գաղթականի կարգավիճակ տրամադրելու հարցին, Արցախի նախագահը շեշտած է. “Արցախցիները հիւր չեն Հայաստանի մէջ, Արցախցիները Հայաստանի քաղաքացիներ են…”։

Անոնք, որոնք կը փափաքին՝ կրնան Շահրամանեանի հարցազրոյցին ամբողջութիւնը դիտել հետեւեալ կապով.

https://youtu.be/gdx1jY5_rso?si=A5nZ_SN4NDAccnMW