Search
Close this search box.

Սամուէլ Շահրամանեան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուած է

 

Սեպտեմբեր 9-ին տեղի ունեցած է Արցախի Ազգային ժողովի յատուկ նիստը՝ նախագահի ընտրութեան օրակարգով։

Արցախի նախագահի պաշտօնին առաջադրուած միակ

թեկնածուն Պետական նախարար Սամուէլ Շահրամանեանն էր։ Խորհրդարանի «Միասնական հայրենիք» խմբակցութեան կողմէ ներկայացուած Սամուէլ Բաբայեանի թեկնածութիւնը մերժուած է, այն պատճառաբանութեամբ, որ վերջին տասը տարիներուն Արցախի մէջ անոր մնայուն բնակութիւնը հաստատող փաստաթուղթ չէ ներկայացուած։

Նիստին մասնակցած են 23 երեսփոխաններ, որոնցմէ 22-ը թեր եւ մէկ հոգի դէմ քուէարկած է։

Այսպէսով Ազգային ժողովը Հանրապետութեան նախագահ ընտրած է Սամուէլ Շահրամանեանը։