Search
Close this search box.

Սերժ Թանկեան կ՚անդրադառնայ Իսրայէլի վրայ յարձակումին՝ Արցախի պարագայի յիշատակումով

Սերժ Թանկեան կը դատապարտէ խաղաղ Իսրայէլացիներու նկատմամբ Համասի վայրագ վերաբերումը, բայց նաեւ կը յիշեցնէ, որ Իսրայէլ աջակցեցաւ Ազերպայճանին, որ նոյն վերաբերումը ցոյց տուաւ Արցախի Հայերուն նկատմամբ։ 

X-ի իր էջին Թանկեան կը գրէ. «Խաղաղ բնակիչներու վրայ յարձակումը, անոնց առեւանգումն ու սպանութիւնը պատերազմական ոճիրներ են՝ անկախ անկէ, թէ ո՛վ կ՚ընէ այդ։ Ինչ որ ես տեսայ Իսրայէլի վրայ Համասի յարձակումէն՝ սարսափելի է։ Անցեալին մենք տեսանք նաեւ Իսրայէլի կողմից Պաղեստինի քաղաքացիներու դաժան սպանութիւններ։ 

Աւելցնեմ նաեւ, որ շուրջ երկու շաբաթ առաջ Իսրայէլի զինած Ազերպայճանը նոյնը ըրաւ Արցախի Հայոց նկատմամբ՝ ստիպելով զանոնք փախչելու իրենց՝ 3000-ամեայ հայրենիքէն։ 

Այն ժամանակ, Իսրայէլի կառավարութենէն մեր ստացածը անտեղի ու սխալ հաւասարութիւն մը եղաւ ընդամէնը՝ երկու կողմերուն զսպուածութեան կոչ մը»:

Աշխարհահռչակ հայ երաժիշտը կ՚աւելցնէ՝ «Բռնակալի մը կողմը ցեղային զտման յաջողութիւնը խրախուսեց միւսները: Ես կանգնած եմ խաղաղութեան տենչանքը ունեցող Պաղեստինցիներու եւ Իսրայէլացիներու կողքին»: