Search
Close this search box.

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ – Ազերպայճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւններու սահմանափակման հարցը՝ ԵԽԽՎ-ի օրակարգին

Ֆրանք Շուապը (Գերմանիա, SOC խմբակցութիւն)

Յունուար 22-ին, Սթրազպուրկի մէջ ծայր առած Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանի առաջին օրը երեսփոխանները քուէարկած են ազերպայճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւններու սահմանափակման ի նպաստ՝ «Պաքուի կողմէ Կազմակերպութեան սկզբունքներու խախտման պատճառաւ»։ Այս նախաձեռնութեան հեղինակն է գերմանացի երեսփոխան Ֆրանք Շուապը։ Լուրը կը հաղորդէ ազերպայճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը։

Իր յայտարարութեան մէջ գերմանացի դիւանագէտը ընդգծած է՝ Ազերպայճանի մէջ մարդկային իրաւանց շարունակուող խախտումները եւ քաղաքական բանտարկեալներու թիւին աճը, ինչպէս նաեւ Փետրուար 7-ին կայանալիք նախագահական ընտրութեան գնահատման նպատակով նախատեսուած ԵԽԽՎ-ի պատուիրակութեան այցի մերժումը Պաքուի կողմէ։

Ան նաեւ նշած է, թէ 2023-ին Ազերպայճան արգիլած է ԵԽԽՎ-ի զեկուցողներուն Բերձորի միջանցք մուտքը։

Ֆրանք Շուապըի առաջարկը դրուած է քուէարկութեան եւ ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունուած է։

Նիստին նախագահող լիթուանացի երեսփոխան Էմանուելիս Զինկերիս ըսած է, որ ԵԽԽՎ-ի Կանոնադրութեան յանձնաժողովը  պիտի գնահատէ այս առաջարկը։ Ան 24 ժամ ունի իր եզրակացութիւնը ներկայացնելու համար։ Անկէ ետք ԵԽԽՎ-ն կը քննարկէ այս հարցը եւ վերջնական որոշում կը կայացնէ։