Փետրուար 27-ին, Սումկայիթի մէջ Ազերպայճանի կողմէ գործադրուած հայութեան ջարդերու 36-րդ տարելիցին առիթով, Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանուհի Քրիսթինա Քվին Դիմագիրքի իր էջին կատարած է հետեւեալ գրառումը.
«Այսօր մենք հայ ժողովուրդին հետ կ՚ոգեկոչենք 1988-ի Սումկայիթի բոլոր զոհերուն յիշատակը եւ կը սգանք անոնց սպանութիւնը։ Մենք զօրակցութիւն կը յայտնենք զոհերու ընտանիքներուն եւ բոլոր տեղահանուածներուն։ Կը շարունակենք աշխատիլ տարածաշրջանին մէջ յանուն խաղաղութեան, որպէսզի այսօրինակ ողբերգութիւնները չկրկնուին»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։