Search
Close this search box.

Սուրէն Պապիկեան եւ ԱՄՆ-ու բարձրաստիճան զօրավարները հետեւած են հայ-ամերիկեան ռազմափորձերուն 

 

Երեւան ժամանած են ամերիկացի զօրավարներ Կրեկորի Անտերսըն եւ Փաթրիք Էլիս

«Արծիւ գործընկեր-2023» հայ-ամերիկեան ռազմափորձերուն առթիւ Հայաստան ժամանած են զօրավարներ՝ Կրեկորի Անտըրսըն եւ  Փաթրիք Էլիս։ 

Ամերիկացի զօրավարները Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանուհի Քրիսթինա Քվինի եւ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ հետեւած են ռազմափորձերուն:

Յիշեցնենք, թէ Միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մասնակցելու նախապատրաստական գործողութիւններու ծիրէն ներս՝ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան «Զառ» ուսումնական կեդրոնին մէջ տեղի կ՚ունենան «Արծիւ գործընկեր-2023» հայ-ամերիկեան ռազմափորձերը՝  85 ամերիկացի եւ 175 հայ զինուորականներու մասնակցութեամբ։